2014-07-14 10:59:35

Մինչ Նեթանիահու կը յայտնէ ` «Մենք համասի դէմ զինուորական խիստ ճակատամարտի մէջ ենք», Մահմուտ Ապպաս ՄԱԿ-էն կը պահանջէ Պաղեստինը միջազգային պաշտպանութեան տակ առնել։


Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր երկրին կառավարութեան հերթական ժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ իր կառավարութիւնը Համասի դէմ «կը մղէ զինուորական խիստ ճակատամարտ մը», որ հետզհետէ կը սաստկանայ:
Ան ըսաւ, որ Համաս «իսրայէլեան քաղաքները բուռն եւ պատահական կերպով հրթիռակոծել որոշեց, եւ մենք Համասը կը հարուածենք հետզհետէ աւելի ուժեղ կերպով»` աւելցնելով. «Պէտք է գիտակցիլ, որ թշնամին մզկիթներու մէջ կը պահուըտի եւ հիւանդանոցներու մթերանոցներուն մէջ զէնք ու զինամթերք կը պահէ, ինչպէս նաեւ անոր ղեկավարները մանկապարտէզներու մօտ կը գտնուին»: Ան նշեց, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը Կազայի բնակչութիւնը կ՛օգտագործէ իբրեւ մարդկային վահաններ` աւելցնելով. «Քաղաքայիններուն հասած վնասին պատասխանատուն Համասն է, իսկ Իսրայէլ ցաւ կը զգայ ատոր համար»:
Նեթանիահու ըսաւ. «Իսրայէլի եւ Համասի տարբերութիւնը այն է, որ մենք հակահրթիռային համակարգերը կ՛օգտագործենք Իսրայէլի բնակիչները պաշտպանելու համար, իսկ իրենք Կազայի բնակչութիւնը կ՛օգտագործեն իրենց պատկանող հրթիռներուն պահեստանոցները պաշտպանելու համար»:
Իր կարգին Համասի բանբեր Սամի Ապու Զահրի երէկ յայտնեց. «Իսրայէլացիներու(ղեկավարներու) ժողովներուն մեծամասնութիւնը ներկայիս գետնին տակ տեղի կ՛ունենայ, իսկ մենք գետնին վրայ ենք»: Ան ըսաւ, որ երբ իրենց լուրջ ծրագիր մը ներկայացուի, ապա զայն պիտի սերտեն, սակայն մինչ այդ պիտի շարունակեն յարձակումին դէմ դնել: Զահրի յայտնեց, որ Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ Թուրքիա չէ մեկնած եւ կը գտնուի Տոհայի մէջ:
Համասի բանբերը նշեց, որ պաղեստինեան իշխանութիւնը աւելի ազդու կերպով պէտք է գործէ: Նշենք, որ երէկ հաղորդուեցաւ, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ՄԱԿ-ի պատուիրակին փոխանցած է նամակ մը, որուն մէջ պահանջած է Պաղեստինը միջազգային պաշտպանութեան տակ առնել:
Իսրայէլ երէկ եւս շարունակեց 7 յուլիսէն ի վեր իր շղթայազերծած յարձակումը, որ մինչեւ կիրակի օր 165 զոհ պատճառեց: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը հաղորդեց, որ Կազայի դէմ յարձակումին սկիզբէն ի վեր Իսրայէլի վրայ 850 հրթիռ արձակուած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.